2014-11-18 10:38:03

Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի մասունքներու զետեղում` Հայ Կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցիին մէջ


Հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, երկօրեայ ձեռնարկներով տեղի ունեցաւ` Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապի մասունքներու զետեղում Պուրճ Համուտի հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ:
Շաբաթ, 15 նոյեմբեր 2014-ի կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, հակառակ տեղատարափ անձրեւին, հաւատացեալները Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակէն դիմաւորեցին Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին մասունքները, ապա թափօրով ուղղուեցան դէպի Ս. Փրկիչ եկեղեցի: Յայտագիրը սկսաւ կարճ տեսերիզի մը ցուցադրութեամբ, որ կը պարունակէր Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապի կեանքէն պատկերներ, անոր յաջորդեց վարդարանի ջերմեռանդութիւնը: Ապա` ժողովուրդին հրամցուեցաւ սուրբին կենսագրականը եւ անոր ցայտուն գործունէութիւնն ու առաքինութիւնը:
Յաջորդաբար իտալերէնէ հայերէն թարգմանուած ներկայացուեցաւ, թէ ինչպէ՛ս կարտինալը ընտրուեցաւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ 264-րդ քահանայապետ` կոչուելով Յովհաննէս Պօղոս Բ.:
Քարոզին ընդմէջէն, Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը յիշեց Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ը իբրեւ հայասէր սուրբ պապ եւ առաջին պապը, որ այցելած է Հայաստան, յատկապէս Ծիծեռնակաբերդ. ինչպէս նաեւ ան եղաւ առաջին պապը, որ ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը նաեւ մէջբերում կատարեց Ս. Յովհաննէս Պօղոս պապին խօսքերէն` «Հայերը իբրեւ խաղաղութեան եւ աշխատասիրութեան պատգամաւորներ աշխարհը շրջեցան եւ անցան: Հայերը իրենց ձեռքերու ծանր աշխատանքով թանկագին նպաստ մը ընծայեցին աշխարհին»: Ան նաեւ արժեւորեց Վատիկանի մէջ` 19 յունուար 2005-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի յուշարձանի զետեղումը` Ս. Յովհաննէս Պօղոսի Բ. պապին հրամանով:
Կիրակի, 16 նոյեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, տեղի ունեցաւ ձայնաւոր սուրբ պատարագ, որ մատուցեց Զմմառու վանքի մեծաւոր եւ Պէյրութի պատրիարքական թեմի ընդհանուր փոխանորդ Գաբրիէլ Թ.Ծ. վրդ. Մուրատեան: Ան անդրադարձաւ Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին, որ կրցած է գրաւել երիտասարդութեան սիրտը, միտքն ու հոգին:
Պատարագին յաջորդեց թափօրը Պուրճ Համուտի մէջ. թափօրը առաջնորդուեցաւ ՀԿՄ-ի սկաուտներուն եւ շեփորախումբին կողմէ:







All the contents on this site are copyrighted ©.